«Արեւելք»-ը գրում է.Երեք օրէ ի վեր կրակի գօտի հանդիսացող «Ֆամիլի Հաուս» ճակատը իր վախազդու լուրերով կը ցնցէ համայն արաբական աշխարհը: «Ընդդիմադիր» ահաբեկիչները ի գործ դնելով, իրենց տրամադրութեան տակ եղող որեւէ միջոց՝ «գոյատեւման» իրենց պայքարը կը մղեն Սուրիոյ օրինական բանակին դէմ:
Այս օրերուն ամբողջ Հալէպը կը ցնցուէր կատարուած արհաւիրքէն: Անդադար յարձակման ենթարկուող ճակատը այս անգամ օժտուած էր աւելի մահազդու զինամթերքով՝ թունաւորիչ «քլոր»ով: «Քլոր» թոյնով հրթիռներ նետելը ձեւ մըն է այն բազում զէնքերէն, որոնք ի յայտ եկան զինեալնեու կողմէ: Այս՝ ինչ կը վերաբերի Հալէպի արեւմտեան ճակատին:
Հրետանիներու եւ օդուժի ռմբակոծումի ձայնի ու պատկերի սարսափը ահռելի է, ապա ինչպէս պիտի ըլլար հակամարտութիւններու վատ ազդեցութիւնը՝ բնակիչներու վրայ: «Արեւելք» փորձելով կապ հաստատել Հալէպի իր աղբիւրին եւ բնակիչներէն ոմանց հետ, տեղեկացաւ, թէ բնակիչներով լեցուն թաղամասերը արդէն երեք օրէ ի վեր բոլորովին ամայացած են, մինչ կրակէ գօտիի մօտ եղող շրջաններու բնակիչները տեղահանուած են, իսկ մօտաւոր 50 քաղաքացիներ զոհուած են զինեալներու արձակած «քլոր» թունաւոր կազի պատճառով:
Սուրիական բանակը, հակառակ հակամարտութիւններուն, արձակուած թունաւոր կազին, կրցաւ իր հակակշռին տակ առնել կորսնցուցած կէտերը եւ կը շարունակէ դիմադրել զինեալներուն:
Բարեբախտաբար հայաբնակ շրջանները տակաւին անդորրութեան մէջ են, սակայն վտանգը երբեք հեռու չի նկատուիր:
Տեղին է յիշել նաեւ, թէ վերջին հակամարտութիւններն ու շաբաթներ առաջ կատարուած աղէտը հայաբնակ թաղամասերուն մէջ, հիմնական պատճառ դարձաւ մեծ թիւով հալէպահայերու դէպի հայրենիք ներգաղթի աշխուժացման: