Այն պահուն, երբ Սուրիոյ բանակը սկսաւ շրջան առ շրջան մաքրագործել Հալէպի արեւելեան թաղամասերը, միջազգային հանրութիւնը եւ յատկապէս ՆԱԹՕ-ի հովանոցին տակ եղող տէրութիւնները սկսան խօսիլ այդ հատուածներուն մէջ հրադադար հաստատելու մասին: Ատկէ զատ ՄԱԿ-ի պատուհանէն Սուրիոյ տագնապին լուծման համար ճիգ տանող պատասխանատուներ յայտարարեցին , որ Հալէպի մէջ Սուրիոյ բանակին յաղթանակը վերջ պիտի չտայ սուրիական պատերազմին: Ու մինչ Մոսկուա տարբեր առիթներով կը պահանջէր զինեալներուն հեռանալ կամ յանձնուիլ արեւմտեան երկիրներ այս անգամ Հալէպի «մարդկային իրավիճակ»ը վահան դարձնելով կ'առաջարկէին խնդիրը դարձեալ տանիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի ամպիոն ու հոն ներկայացնել ժամանակաւոր հրադադարի առաջարկ մը: Այս զարգացումներուն լոյսին տակ ԱՄՆ փորձելով «կաղկուղ» միջամտութիւն մը կատարել եւ առաջին անգամ ըլլալով զինեալներէն կը պահանջէր արագօրէն լքել իրենց դիրքերը եւ հեռանալ, դէպի ... Իտլիպ: Արեւմուտքին համար «Չափաւորական» համարուող զինեալները կը մերժէին առաջարկը եւ կը յայտնէին, որ պիտի կռուին մինչեւ վերջ:
Այս բոլորէն անդին սուրիական բանակը գետնի վրայ կը շարունակէ առաջ երթալ ու ըստ պատերազմական լրագրողներու Սուրիոյ բանակին համար ամբողջ Հալէպին տիրապետելու հարցը օրերու հարց է: Շատ հաւանական է , որ այսօր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը քննէ հրադադար կայացնելու առաջարկ մը, որուն դիմաց ապահովաբար պիտի հանդիպի ռուսական «Վէթո»ին յատկապէս , որ Ռուսիոյ ԱԳ նախարար Սէրկէյ Լավրով կը յայտարարէ, որ Հալէպի մէջ իրենց զէնքերը վար չդնող ռատիքալիստները ահաբեկիչներ են եւ անոնց հետ «մենք պիտի վարուինք համապատասխան կերպով»: Հալէպի մէջ ընթացող ռազմական գործողութիւնները միայն զինուորական խորք չունին, այլ ապահովաբար սկիզբ կը դնեն նոր քաղաքական համայնապատկերի մը, որուն հիմնական ուրուագիծը կը խօսի միաբեւեռ աշխարհի մը աւարտին մասին: