▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

ԱՍԱԼԱ-ն հայտարարություն է տարածել

 

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ 

Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ 

ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ 

Միջազգային քաղաքականութեան ներկայիս առանցքը հանդիսացող սուրիական հակամարտութեան հոլովոյթին մէջ տեղի կ’ունենայ արմատական տեղաշարժ, կը նկատուին տարբեր տէրութիւններու վարքագծային դիմակազերծում եւ փոփոխութեան նշաններ, կը կիրառուին որոշակի վերանայումներ եւ վերադասաւորումներ:

Տարածաշրջանին հին կարգավիճակը, որ հաստատուած էր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին՝ Օսմանեան Կայսերութեան մասնատումով, սկսած է իր փլուզման զառիվար երթը:

Տարածաշրջանի շատ երկիրներու ոչ միայն կայունութիւնը, այլ նաեւ ամբողջականութիւնը հարցականի տակ են արդէն:

Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումները, ուշ կամ կանուխ, պիտի մօտենան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր պիտի առնչուին: Ուստի, մենք պարտաւոր ենք ամենայն լրջութեամբ հետեւելու նոյնիսկ ամենաչնչին փոփոխութիւններուն: Մանաւանդ, թուրք-քրտական եւ ռուս-թրքական լարուածութիւնները հակամարտութեան վերածուելու պարագային, Հ.Հ.ը եւ հայութիւնն ընդհանրապէս, պարտաւոր են դէպքերու զարգացման ուղղութիւններու հաւանականութիւններու մասին ունենալ նախատեսում եւ յաջորդական ծրագիրներ:

Չլուծուած բոլոր խնդիրները կը սկսին աշխուժանալ, երբ կը բախին որեւէ գերտէրութեան կամ տուեալ տարածքին մէջ քաղաքական հիմնարար ազդեցութիւն ունեցող որոշակի կողմերու կենսական շահերուն:

Մեր պետական եւ ազգային շահի դիտանկիւնէն քիւրտերու անկախութեան գործընթացը կը փոխէ տարածաշրջանին աշխարհաքաղաքական խճանկարը:

Չնայած նոր-օսմանիզմի հայեցակարգի սպասումներու տապալման, Թուրքիան կը շարունակէ հետապնդել այդ ծաւալապաշտական գաղափարախօսութեան քաղաքականութիւնը, որ չի կրնար չշօշափել Սեւծովեան,Կովկասեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու շահերը:

Ամէն պարագայի, ներկայի իրավիճակի գնահատականները որքան ալ իրարամերժ ըլլան, մէկ բան անժխտելի է՝ սուրիական հակամարտութեան հանգուցալուծումէն կախուած է թրքական պետականութեան եւ ողջ տարածաշրջանին մէջ գալիք տասնամեակներուն իրականացուելիք առանցքային փոփոխութիւնները: Իսկ այդ հանգուցալուծումը, անկասկած, իր դրական կամ բացասական ազդեցութիւնը պիտի ձգէ անթեղուած կրակի մէջ պահուած հայ-թրքական հակամարտութեան վրայ:

Սակայն աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները ժողովուրդներու համար կրնան վերածուիլ առիթներու՝ եթէ պատրաստ են, կամ ընդհակառակը՝ սպառնալիքներու աղբիւրի՝ եթէ գործող դերակատարները ճիշդ օրակարգով եւ նախատեսութիւններով չեն կազմակերպուիր՝ դիմակայելու նոր մարտահրաւէրներուն:

Պատերազմի ժամանակ բացակայող գործօնը խաղաղութեան ժամանակ չի՛ կրնար գործօն հանդիսանալ: Նման պարագայի, հայկական գործօնը կրնայ դառնալ այս ամբողջ հոլովոյթի ընդամէնը մանրադրամ, ինչը մեզի համար կը նշանակէ Լոզանի պայմանագիրէն աւելի վատ իրադարձութեան կրկնութիւն:

Ամենայն հաւանականութեամբ, ընթացող զարգացումները, եթէ ոչ առաջին փուլին, ապա հոլովոյթի ընթացքին, հաւանական է որ խնդրոյ առարկայ դարձնեն հայութեան առնչուող հիմնահարցեր, եւ եթէ հայկական գործօնը բացակայի հակամարտութեան մարման պահին, հանգուցալուծումը կը տնօրինուի իր բացակայութեամբ, եւ, բնականաբար, ոչ ի նպաստ հայկական շահերուն:

Ներկայիս հայկական գործօնը միջազգային քաղաքական խաչմերուկի բարդ եւ տարբեր ուղղութիւններով ընթացող իրադարձութիւններէն ամբողջովին կտրուած է: Ընթացող բոլոր մարտահրաւէրներուն նկատմամբ լուռ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Իրողութիւն է նաեւ, որ Հ.Հ.ը հարցեր նախաձեռնող դիրքի մէջ չի յայտնուիր: Դէպքերուն  համարժէք կերպով ու ատենին չ’արձագանգեր ու ընդամէնը վերածուած է դէպքեր արձանագրողի: Եւ տակաւին հարցական է, թէ ան զարգացումներն ընկալելու եւ արձանագրելու որքա՞ն ունակ է:

Իհարկէ, հասկնալի է, որ Հ.Հ.ը Թուրքիոյ եւ առկայ բոլոր զարգացումներու նկատմամբ հռետորաբանութեամբ պէտք չէ հանդէս գայ, այլ՝ պէտք է շարժի աւելի քիչ աղմկարարութեամբ ու յստակ քայլերով, որոնց առկայութիւնը հարցական է:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս աշխարհաքաղաքական գործօն, հնարաւորութիւն ունի վերածուելու տարածաշրջանային կարեւոր դերակատարի, սակայն, վերջին աւելի քան մէկ տասնամեակի ընթացքին Հ.Հ.ի իշխանութեանց վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան պատճառով, Հայաստանը քաղաքական առումով գործօնէ վերածուած է ենթակայի՝ իր քաղաքական հեղինակութիւնը մեծ անկում արձանագրելու հետեւանքով:

Անկախութեան առաջին տարիներուն հայ ժողովուրդն ունեցաւ էական ձեռքբերումներ, նոյնիսկ այնպիսիք, որոնց նախադէպը չէր պատահած աւելի քան հազար տարի: Հայաստանը դարձաւ անկախ պետութիւն, Արցախն ազատագրուեցաւ, դրուեցաւ նոր հասարակարգի հիմքը: Բայցեւայնպէս, երկրի ներքին կեանքի կարգաւորումը ոչ միայն հեռու է բաւարար ըլլալէ, այլեւ ծայր աստիճան մտահոգիչ է ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ բարոյահոգեբանական տեսանկիւններէն:

Հայաստանի Հանրապետութենէն միլիառներու հասնող հարստութեան արտահոսքը կարելի չէ զուտ տնտեսական հարց նկատել, այլ՝ ազգային անվտանգութեանն ուղղուած սպառնալիք: Փաստօրէն երկրի միլիարներու հարստութիւնը՝ խթանած է աղքատութիւնն ու արտագաղթը:

Տարածաշրջանային լարուածութիւններով ու առճակատումներով յագեցած այս ժամանակահատուածին, Հ.Հ.ի իշխանութիւնները բծախնդրութեամբ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնները նկատեցին երկրի առանցքային հարցը, ըստ էութեան ներքաղաքական զբաղմունք ապահովելով այնպիսի ժամանակահատուածի մը, երբ հիմնարար անցուդարձեր կը հասունանան մեր դրացնութեամբ: Ստեղծուած սահմանադրական աղմուկը թէ՛ Հ.Հ.ի իշխանութիւնները եւ թէ՛ ոչ-իշխանական ոյժերը ձերբազատեց Հ.Հ.ի եւ հայութեան ճակատագրի հետ առնչուող հարցերու նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւններէն եւ իրենց դիրքորոշման վերաբերեալ աւելորդ հարցադրումներուն պատասխանելու հարկադրանքէն:

Մենք պէտք է գիտակցինք, որ մեր իրաւունքները պէտք չէ գտնուին անպաշտպան թիրախի դերի մէջ. հայկական գործօնը իրաւունք չունի բացակայելու տարածաշրջանային հակամարտութեանց հաւանական լուծման պահին:

Մենք պէտք է վերյիշենք, որ հայութեան գրեթէ բոլոր պարտութեանց պատճառը ոչ թէ թշնամիին զօրութիւնը, այլ՝ ներքին անհեռատեսութիւնն ու անմիաբանութիւնը եղած է:

Պէտք է գիտակցիլ, թէ ո՛ւր շատ միութիւններ կան, հոն չկա՛յ ազգային իսկական միասնութիւն, եւ ո՛ւր շատ փառաւորեալներ կան, հոն չկա՛յ իսկական փառք: Հետեւաբար, եթէ չենք ուզեր ծունկի գալ արտաքին թշնամիին առջեւ, պէտք է ներքին ճակատի վրայ լարուածութիւնները թշնամութեան չհասցնել: Իսկ երկրին մէջ ամէն հասարակական կամ քաղաքական շարժում, որ յենած չէ սեփական ժողովուրդին վրայ, այլ՝ կը սնուի արտերկրէն, արհեստածին է եւ ոչ-ինքնուրոյն ըլլալով՝ ընդամէնը կրնայ ապակայունացնող ազդակ հանդիսանալ:

Ամէն տեսակ դժուարութիւն հնարաւոր է յաղթահարել եւ պատերազմներ շահիլ, երբ առկայ են հասարակական միասնութիւն եւ համոզում: Երբ կայ արդարութիւն՝ կայ ապագայ, եւ քաղաքացիները չեն մտածեր իրենց երեխաներու ապագան ապահովելու համար երկրէն հեռանալու մասին:

Մենք կրնանք գիտակցիլ եւ շարժիլ վտանգէն առաջ, նաեւ՝ կրնանք լալ աղէտը պատահելէն ետք: Անցեալին մենք յաճախ երկրորդն ընտրած ենք: Իսկ այսօր, Մեծ Եղեռնէն հարիւր տարի ետք, իրաւունք չունի՛նք կրկնելու հին սխալը:

Ժամանակն է արթնութեան, միասնութեան, նուիրումի ու հզօր կամքի դրսեւորման...

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ,

Յիշէ՛, որ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը շատ երկար ճամբայ կտրած է, եւ այդ ճամբան կտրած է շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ:

ՀԱՀԳԲ-ը Սփիւռքի երրորդ եւ չորրորդ սերունդի գիտակցութեան, նուիրումի եւ կուտակուած կամքի համեստ արտայայտութիւնն է: Մենք այն առաջին սերունդն էինք, որ 1975-ին զգաց լճացումն ու փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը Սփիւռքի մէջ եւ այսօր՝ մեր կազմակերպութեան 41-ամեակին, անկասկած պիտի ըլլանք յաջողութեանց եւ նուաճումներու ձեռքբերման զօրակցողը մեր երկրին մէջ:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ

  ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ

 

20 Յունուար 2016

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել Asekose.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ: Նյութերի ներքո` վիրավորական ցանկացած արտահայտություն կհեռացվի կայքից:
Հասարակություն more