«Աստուած իր պատկերով ստեղծեց մարդը.Աստուած արու եւ էգ ստեղծեց մարդըեւ օրհնեց զանոնք» (Ծննդ. 1:27):
Յունիս 2015-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Ատեանը օրինականացուց միասեռականներու քաղաքական ամուսնութիւնը ամբողջ Միացեալ Նահանգներու 52 նահանգներու տարածքին։ Զուտ աշխարհիկ(քաղաքացիական), բնոյթ կրող այս որոշումը, միաժամանակ արգելք չիհանդիսանար, որ եկեղեցիներ եւ եկեղեցականներ շարունակեն եկեղեցականօրէնքներու հիմամբ ընդունին կամ մերժեն, վաւերական կամ անվաւեր նկատենբոլոր այն ամուսնութիւնները, որոնք եկեղեցական կարգով եւծիսակատարութեամբ չեն կատարուիր։Ի վերջոյ պէտք է շեշտել թէ կրօններ եւ բոլոր անոնք, որոնք կրօնականվարդապետութեան մը կը հետեւին, հաւատարիմ մնալով հանդերձ կրօնականուսուցումներու եւ համոզում սկզբունքներուն՝ պէտք չէ՛ դատապարտենմիասեռական ամուսնութիւնները։ Միացեալ Նահանգներու Սահմանադրութեան Առաջին Յօդուածի տրամադրութիւնը, կ՛ապահովէ եւ կը պաշտպանէ եկեղեցականկազմակերպութիւններու թէ անհատներու կրօնական ազատութիւնները,սրտեռանդն հետամտելու եւ ուսուցանելու ընտանեկան կառոյցի վեհ այնսկզբունքները, զորս երկարատեւ իրենց կեանքի ընթացքը ու հաւատքիներշնչումներու աղբիւր եւ պատկառանքի կեդրոնական առանցքը կազմած են։
Ի՞ՆՉ Է ՄԻԱՍԵՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Միասեռականներու հարցը ու միասեռականութեան նիւթը, դարերշարունակ զբաղեցուցած է ընկերութիւններ, ընկերային կառոյցներ եւ եկեղեցին ուդարձած մեծագոյն մտահոգութիւնը, ինչպէս նաեւ հակադրութեանց եւվիճաբանութեանց գլխաւոր պատ-ճառը։ Միասեռականներու գոյութեան եւմիասեռական յարաբերութիւններու մասին կը տեղեկանանք մարդկայինպատմութեան վաղ ժամանակներէն, միաժամանակ անոնց մերժումին,դատապարտութեան ու նզովքին արժանացման՝ արեւելեան թէ արեւմտեանքաղաքակրթութեանց կողմէ, յատկապէս քրիստոնէական դարասկիզբին։ Հակառակ վերջին շրջանի ճիգերուն, միասեռական կենցաղաոճըօրինականացնելու եւ համահաւասար իրաւունք շնորհելու, միասեռականներուազատական այս շարժումը, ընկերութեան թէ եկեղեցիներու կողմէ միշտ բաղխածէ դիմադրութեան, հակադրութեան եւ հակազդեցութեան։ Որովհետեւընկերութեան մէջ, միասեռականներու գոյավիճակը, տեղն ու դերը բնախօսական,բարոյական, օրինական թէ ընկերային ընկալեալ դրոյթներուն հակադրուելով՝խռթին ու դժուարին անձնական հարցադրումներու, ընկերային անախորժկացութիւններու բախումներու եւ հակադրութեանց դուռ բացած է։ Այն երկիրներուն, ուր քրիստոնեաներ անցեալին կը գերակշռէին,եկեղեցիներ ընդհանրապէս կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնած էին, եւեկեղեցական օրէնքներն ու ծիսական արարողութիւնները ազդու էին ընկերայնկեանքի զանազան բնագաւառներէն ու յատկապէս ընտանեկան կառոցիկազմաւորման մէջ ինչպէս ծննդեան, ամուսնական, ապահարզանի, վերամուսնութեան թէ թաղման պարագաները, ենթակայ էին եկեղեցականօրէնքներու եւ հեղինակութեանց։ 19-րդ դարու սկիզբն էր, որ կարգ մը երկիրներ եւպետութիւններ, ամուսնական թէ ընտանեկան ընկալեալ օրէնքները, որոնքեկեղեցւոյ իրաւասութեան ներքեւ էին, անջատեցին եկեղեցական օրէնքներուենթակայութենէն եւ իրաւասութեան սահմաններէն, եւ եկեղեցին վերածեցինկրօնական անկախ հաստատութեան։ Հակառակ այս իրողութեան, մինչեւ այս օր,եկեղեցի եւ պետութիւն, հակառակութիւնները կը շարունակուին, յատկապէս այնպարագաներուն՝ երբ եկեղեցւոյ կանոնները կը հակադրուին պետութեանսահմանած եւ որդեգրած օրէնքներուն, եւ զանոնք կը պարտաւորեցնեն երկրինբոլոր քաղաքացիներուն, առանց նկատի առնելու անոնց կրօնականհամոզումները եւ գաղափարական տեսակէտները, որոնք յաճախ չենհամապատասխաներ եկեղցւոյ բարոյական սկզբունքներուն, վարդապետութեանեւ կրօնական համոզումներուն։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԵՒ ՄԻԱՍԵՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Աստուածաշունչը զանց չ՛ըներ այս նիւթը, այլ դիմակալելով բացայայտկ՛արտայայտուի։ Ս. Գիրքը յատկապէս ընտանիք եւ ամուսնութիւն նիւթերըլուսարձակի տակ առնելով, կը շեշտէ անոնց աստուածային բնոյթն ուկեդրոնական նպատակը. կը կարեւորէ սեռային պարտաւորութեանցպատասխանատուութիւնը, որպէս գրաւական՝ մարդկային ցեղի առողջութեան,յարատեւման, Աստուած եւ մարդ ուխտի յարակցութեան։Աստուածաշունչը ընդհանրապէս կ՛ուսուցանէ անընդունելիութիւնը,մերժումը եւ դատապարտումը սեռային որեւէ յարաբերութեան, որ կնոջ եւամուսինի միջեւ տեղի չ՛ունենար։ Այլ խօսքով, դատապարտելի են սեռային բոլորտեսակի յարաբերութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան «արտաքոյ ամուսնականկեանքի»։ Աստուածաշունչը նմանապէս կ՛անդրադառնայ եւ կը նշէ, նոյն սեռինպատկանող անհատներու միջեւ սեռային պիղծ արարքներ ու արգիլուածյարաբերութիւններ։
ՀԻՆ ՈՒԽՏԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԱԾ ՄԻԱՍԵՌԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐ
ա.- Հին Ուխտի գիրքերուն մէջ, միասեռական յարաբերութեան առաջինյիշատակութեան կը հանդիպինք Ծննդոց Գիրքի մէջ, որուն 19-րդ գլուխի 1-13-րդ համարներէն կ՛իմանանք, թէ ինչպէս Սոդոմի ամբարիշտ ու առուամոլ մարդիկ, կըփորձեն յարձակիլ ու բռնաբարել Աստուծոյ կողմէ ուղարկուած լրաբեր այն երկումարդիկը, որոնք Ղովտի մօտ այցի եկած էին։ Որպէս հետեւանք անոնց չարմտադրութեանց, ինչպէս նաեւ Սոդոմի այլասերած, մեղսապարտ անապաշխարբնակչութեան, Աստուած կրակ եւ ծծումբ թափելով, կը բնաջնջէ Սոդոմ եւ Գոմորքաղաքները։Հին Ուխտի Ղեւտացւոց գիրքին մէջ, միասեռական երկու այլյիշատակութեանց եւ այդ առթիւ սահմանուած դատապարտութեան կըհանդիպինք։ Հոն կը կարդանք. «Սեռային յարաբերութիւն պիտի չընես քեզ նմանարական սեռին պատկանողի մը հետ, իբրեւ թէ կին ըլլար ան, որովհետեւպղծութիւն է այդ» (Ղեւտացւոց 18:22)։«Եթէ այր մարդ մը ուրիշ այր մարդու մը հետ քնանալու ըլլայ, սեռայինյարաբե-րութիւն ունենայ, ինչպէս կնոջ մը հետ կը յարաբերուին, անոնք գարշ պղծութիւն գործած կ՛ըլլան՝ մահուամբ պէտք է պատժուին երկուքն ալ, որովհետեւմահապարտ են»(Ղեւտացւոց 20:13)։Հին Ուխտի այլ գիրքերուն մէջ, ինչպէս Ծննդոցի 1:28, 2:18-24, 9:21-27, 19:4-11 համարներուն, Երկրորդումն Օրինաց գիրքի 22:5, 23:17 համարներուն,Դատաւորաց գիրքի 19:16-26 համարներուն, եւ Թագաւորաց գիրքի 14:24, 15:12,22:46 համարներուն մէջ կը հանդիպինք միասեռական նմանօրինակյարաբերութեանց յիշատակութեան, ինչպէս նաեւ անոնց խստիւդատապարտութեանց։
ՆՈՐ ՈՒԽՏԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԱԾ ՄԻԱՍԵՌԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐ
բ.- Պէտք է շեշտել, որ համաձայն Նոր Կտակարանի ուսուցումներուն, այլեւսենթակայ չենք Հին Ուխտի պարտադրած անհանդուրժող Օրէնքներու խստութեանեւ կաշկանդումներուն, որովհետեւ ըստ Յովհաննէս Առաքեալին, «Անոր (Յիսուսի)լիառատ շնորհքներէն է որ մենք բոլորս շնորհքի վրայ շնորհք ստացանք.որովհետեւ Օրէնքը Մովսէսի միջոցաւ տրուեցաւ, մինչ շնորհքն ու ճշմարտութիւնը՝Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ» (Յովհաննէս 1:16-17):
Միեւնոյն այս գաղափարը կըբաժնէ նաեւ Պօղոս Առաքել, երբ Հռոմայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կըգրէ յիշեցնելով, թէ Քրիստոսի միացողներ, այլեւս ենթակայ չեն Մովսիսական Օրէնքի պարտադրանքներուն, որովհետեւ «Անոնք որ Քրիստոս Յիսուսի միացածեն՝ դատապարտութեան ենթակայ չեն, քանի մարմնաւորապէս չեն ապրիր, այլ՝հոգեւորապէս։ Որովհետեւ Հոգիին Օրէնքը մեզ Քրիստոսի միացնելով, կըկենդանացնէ եւ կ՛ազատէ մեղքի եւ մահուան ենթակայութենէն։ Արդարեւ, ինչ որ Մովսիսական Օրէնքը չէր կրնար ընել, մարդկային բնութեան տկար ըլլալունպատճառով, Աստուած իրագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Որդին, որ մեղքըյաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ իր մարմնինմէջ դատապարտեց մեղքը» (Հռոմայեցիս 8:1-3):
Հին Ուխտի վերահաս պատիժը եւդատապարտութեան կնիքը, այժմ փոխարինուելով տեղի կու տան Յիսուսիապաշխարութեան կոչին եւ մեղաց թողութեան շնորհաց ուսուցումներուն։ Իսկ վարձատրութիւն, պատիժ եւ դատապարտութիւն, ո՛չ թէ երկրի, այլ իրենցպատշաճ ժամանակին, այժմ տեղի կ՛ունենան երկնքի յաւիտենականութեան կամ Վերջին Դատաստանի ժամանակ։
Յիսուս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին եւ ուսուցումներուն ժամանակ,միասեռական հարցի եւ միասեռականութեան մասին թէեւ բնաւ չակնարկեց,սակայն խստիւ դատապարտեց բարոյական այլասերումի եւ սեռային ապաբարոյկենակցութեան բոլոր տեսակի յարաբերութիւնները։ Ըստ Մարկոսաւետարանիչին, Յիսուս իր շուրջ համախմբուած ժողովուրդի բազմութեան,այսպէս կ՛ուսուցանէր. «Ինչ որ մարդէն դուրս կ՛ելլէ՝ այն է որ կը պղծէ մարդս։Որովհետեւ մարդուն ներսէն, այսինքն սիրտէն է որ կ՛ելլեն չար մտածումները.-շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սպանութիւն, ագահութիւն, չարութիւն,նենգութիւն, գիջութիւն, չար նախանձ, հայհոյութիւն, ամբարտաւանութիւն,անզգամութիւն։ Այս բոլոր չար բաներն են որ մարդուս ներսէն ելլելով՝ կը պղծենզայն» (Մարկոս 7:20-23):
Պօղոս Առաքեալ, Կորնթացիներուն գրած իր մէկ նամակին մէջ, խստիւ կըդատապարտէ մարդոց կողմէ գործուած բոլոր տեսակի այն մեղքերն ումոլութիւնները, զորս ենթական մահուան եւ դժոխքի պիտի արժանացնեն։Առաքեալը կը զգուշացնէ յորդորելով. «Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւն չընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Դուք ձեզ չխաբէք։ Անոնքոր պոռնկութիւն կ՛ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ,գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ արքայութիւնըպիտի չժառանգեն» (Ա. Կորնթացիս 6:9-11):
Միասեռական անբնական յարաբերութեան, կռապաշտութեան, արուամոլարարքներու, պղծասիրութեան եւ պատուիրազանցութեան երկու այլյիշատակութեանց կը հանդիպինք Նոր Կտակարանի Պօղոս ԱռաքեալիՀռոմայեցիներուն եւ Տիմոթէոսին ուղղած նամակներուն մէջ, ուր կը կարդանք.«ԶԱստուած ճանչնալով հանդերձ՝ իբրեւ Աստուած չփառաւորեցին եւ շնորհակալչեղան, այլ՝ անհեթեթ խորհուրդներ եւ մտածումներ ունեցան, որով իրենց միտքըանմտութեամբ խաւարեցաւ։ Իրենք զիրենք իմաստուն համարելով՝ յիմարացան,եւ անմահ Աստուծոյ փառքը յատկացուցին մահկանացու մարդոց, թռչուններու,չորքոտանիներու եւ սողուններու նմանութիւնը եղող պատկերներու։
Այդ պատճառով ալ Աստուած թոյլ տուաւ, որ իրենց սրտի ցանկութիւններովպղծութեան յանձնուին եւ իրենք իրենց մարմինը անպատուեն, քանի որ Աստուծոյվերաբերմամբ ճշմարտութեան փոխարէն ստութիւնը նախնտրեցին.արարածներուն յարգանք ընծայեցին եւ զանոնք պաշտեցին, փոխանակ Արարիչըպաշտելու, որ օրհնեալ է յաւիտեան։
Ահա թէ ինչու՝ Աստուած թոյլ տուաւ որ անարգ կիրքերու անձնատուր ըլլան։Որովհետեւ անոնց էգերը իրենց բնական կարիքները հակաբնական կարիքներուհետ փոխանակեցին։ Նոյնպէս ալ արուները, կիներու հետ բնականյարաբերութիւնը ձգած՝ հակաբնական ախորժակներով իրարու ցանկացին.արուները արուներու հետ խայտառակութիւն կը գործէին, եւ իրենց մոլորութեանարժանի հատուցումը կը ստանային Աստուծմէ» (Հռոմայեցիս 1:21-27):
«Գիտենք թէ Օրէնքը (Մովսիսական) լաւ է՝ երբ պէտք եղած ձեւովգործադրուի։ Սակայն գիտենք նաեւ, թէ Օրէնքը արդարներուն համար դրուած չէ,այլ՝ անօրէններուն եւ անհնազանդներուն, ամբարիշտներուն ու մեղաւորներուն,սրբութիւնները ոտնակոխ ընողներուն ու պիղծերուն, հայր ու մայրանարգողներուն, մարդասպաններուն, պոռնկութիւն ընողներուն,արուագէտներուն, մարդ առեւանգողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդումընողներուն, եւ բոլոր այն արարքներուն համար, որոնք հակառակ են իմփոխանցած առողջ ուսուցումներուս. պատուէրներու, որոնք համաձայն եներանելի Աստուծոյ փառքը պատմող Աւետարանին, որ ես հաւատարմօրէնքարոզեցի» (Ա Տիմոթէոս 1:8-11):
Աստուածաշունչ Մատեանին Հին եւ Նոր Կտակարաններու ուսուցումները,պատուէրները, պատուիրաններն ու պատգամները, մեզ կը զգուշացնեն հեռումնալու բարոյական խաթարումներէ, այլասերիչ յոռի մոլութիւններէ,ընկերութիւններ, ընկերային առաքինի առողջ բարքեր ապականութեանառաջնորդող կենցաղէ եւ ընտանիքներ խաթարող, փճացնող մոլարվարդապետութիւններէ ու աշխարահայեացքներէ։
Յատկապէս Նոր Կտակարանիվկայութիւնը եւ լրջախոհ ուսուցումները կը շեշտեն ու կ՛արժեւորեն մարդկայինցեղի առողջ յարատեւման Աստուծոյ օրհնեալ կամքը, աստուածադիրամուսնութեան թէ ապահարզանի, ամուսնական ընտանեկան նուիրեալ կեանքի,ամուսիններու որդեծննդեան նպատակաւ սեռային օրինաւոր եւ առողջյարաբերութեան, զաւակներու հոգատարութեան, անոնց քրիստոնէական 5դաստիարակութեան եւ բարոյական արժէքներու հետամտութեանկարեւորութիւնը։
Այս բոլորի մասին, Աստուածաշունչի գիրքերուն մէջ կըկարդանք։
Բ. Օրինաց գիրքին 24:1-4, եւ Մատթէոսի 5:31-32, 19:1-9, համարներունմէջ ըսուած է. «՝՝Ով որ իր կինը կ՛արձակէ, անոր արձակման թուղթ թող տայ՛՛։ Իսկես կ՛ըսեմ ձեզի. -Ան որ առանց պոռնկութեան պատճառի իր կինը կ՛արձակէ, ինքպատճառ կը դառնայ անոր շնութիւն ընելուն։ Նոյնպէս, շնութիւն ըրած կ՛ըլլայ ան՝որ կ՛ամուսնանայ արձակուած կնոջ հետ»։ «Փարիսեցիները Յիսուսը փորձելումտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին. -Մեր Օրէնքին համաձայն մէկըիրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու։ Յիսուս անոնց պա-տասխանեց. -Մովսէս ի՞նչօրէնք սահմանեց ձեզի։ Անոնք պատասխանեցին. -Մովսէս մեզի արտօնութիւնտուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն։ Յիսուս ըսաւ անոնց. -Մովսէս ձեր խստասրտութեա՛ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց։ Սակայնսկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած ՝՝արու եւ էգստեղծեց մարդիկը՛՛ եւ ըսաւ անոնց. -Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ումայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Հետեւաբարայլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝ որԱստուած միացուց» (Մարկոս 10:2-12, Ղուկաս 16:18):
Աւետարաններէն կ՛իմանանք նաեւ, որ Աստուծոյ արքայութեան եւ սիրոյնհամար, մարդիկ կուսակրօն կը մնան, չեն ամուսնանար եւ իրենց ամուրի կեանքըԱստուծոյ ծառայութեան կը նուիրեն։ «Ամէն մարդ չի կրնար առանցամուսնութեան մնալ, այլ միայն անոնք՝ որոնց Աստուած կարողութիւն տուած է։ Որովհետեւ մարդիկ չեն ամուսնանար ա՛յն պարագաներուն, երբ ծնունդովներքինի են, կամ՝ մարդոց կողմէ ներքինի եղած են եւ կամ՝ իրենք զիրենք ներքինիդարձուցած են երկինքի արքայութեան համար։ Ով որ կրնայ ընդունիլ իմ հաստատումս, թող կատարէ զայն» (Մատթէոս19:10-12):
Պօղոս Առաքեալ կը դատապարտէ գիտակից եւ ազատ ընտրութեամբկատարուած ամէն ձեւի ու տեսակի սեռային ապօրէն կենակցութիւն կամյարաբերութիւն։ Ըստ Պօղոս Առաքեալի, միասեռականութիւնը դիտումնաւորխոտորում, այլասերումն է սեռային բնական կենակցութեան։Միասեռականութիւնը կամ արուամոլութիւնը կամաւոր նախասիրութիւն է,այլասերած մտայնութեան մը սեռային խառնակութիւն է, որ կը գործուի կամայ թէակամայ եւ շատ յաճախ ընտրութեամբ։ Ազատ կամքով ընտրութիւն կատարուածայս մոլութեան ենթակաները, անշուշտ պատասխանատու են ու համարատուիրենց լպիրշ, ապականեալ, մեղսալից արարքին ու կենցաղին, այնպէս ինչպէսյոռի ու մեղսալից այլ ամբարշտութիւններու, որոնք Աստուածաշունչին մէջ նշուածեւ յիշատակուած են, եւ որոնց համար Աւետարանը զղջում եւ ապաշխարութիւն կըթելադրէ ու կը սահմանէ։Մարդկային սեռային մղումը, սեռային բնութիւնը, մարդկայինբնախօսական յատկանիշներուն մաս կը կազմէ եւ ինքնին բարի եւաստուածատուր պարգեւ է, որ պէտք է ծառայէ ընկերային բարիքին,սերնդագործման, ընտանեկան առողջ կեանքի ստեղծման եւ զաւակներուդաստիարակութեան։
Քրիստոնէական կրօնի ջատագով եւ քրիստոնէականարժէքներով դաստիարակուած տիպար ընտանիքի մը բարոյականութեան եւառողջութեան հիմքը, ըստ Ս. Թովմաս Ագուինացի հայրապետին՝ «քրիստոնեայտիպար ընտանիքն է», այն զոյգը՝ -Հայր ու մայր-, եւ ընտանիքի անդամները, 6որոնք անլուծանելի, անքակտելի կապերով միացած եւ լծորդուած են, անոնք՝առողջ ու բարօր ընկերութեան մը, ազգի մը ողնասիւն, հիմքը կը կազմեն։
ՄԻԱՍԵՌԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԸՍՏ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂՑՒՈՅ
Առաքելական հայ եկեղեցին իր վարդապետութեամբ, հիմնուած էՔրիստոսի Աւետարանին ուսուցումներուն, ինչպէս նաեւ առաքեալներու,եկեղեցական հայրերու ու մեր նախահայրերու ուղղափառ վարդապետութեանցվրայ։ Այդ իսկ պատճառաւ, Աստուածաշունչի մէջ այս ուղղութեամբպատուէրները, օրէնքները, ուսուցումներն ու թելադրութիւնները, քրիստոնեայ հայընտանիքին համար եղած են կեանքի աշխարահայեացք, ապրելաոճ, ուղղութիւնեւ ընտանեկան, ազգային ու ընկերային առողջ կեանքի մը գրաւականները։ Այս սկզբունքներէն մեկնած, Աւետարաններէն մէջբերելով կը յիշեցնենք. «Դուք ձեզչխաբէք։ Անոնք որ պոռնկութիւն կ՛ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող,իգացեալ... Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն» (Ա. Կորնթացիս 6:9):
Միասեռականութիւնը նոյնիսկ բնութեան օրէնքներուն հակառակ է, եւ արտաքոյամուսնութեան, սեռային որեւէ յարաբերութիւն, որ տեղի չ՛ունենար այր եւ կինօրինաւոր ամուսիններու միջեւ՝ անբնական է, ու դատապարտելի։Աստուածաշունչը կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը թէ Աստուած սկիզբէն արուեւ էգ ստեղծեց մարդը եւ օրհնեց զանոնք ըսելով. «Աճեցէ՛ք ու բազմացէք եւ երկիրըլեցուցէք ու տիրեցէք անոր» (Ծննդոց 1:27-28):
Ընտանիքը, նախքան պետութիւն, եկեղեցի թէ ընկերային այլ դրութիւններ,երկրի վրայ Աստուծոյ հաստատած առաջին կառոյցն է։ Աստուած նախ Ինքօրհնեց եւ սրբեց մարդուն եւ կնոջ ամուսնական միութիւնը եւ զանոնք կարգեցըլլալու «տիեզերքի տէրն ու պսակը՝ իր արարչագործութեան»։ Իսկ ընտանիքըվերածեց մարդկային ընկերութեան կեդրոնական առանցք։
Ներկայ ժամանակներուն, մանաւանդ արեւմտեան երկիրներու եւքաղաքակրթութիւններու կարգ մը ժխտական ազդեցութեանց ներքեւ, երբընտանիք հասկացողութիւնը քայքայուած եւ մասնատուած է, ընտանեկան եւբարոյական արժէքներ շրջուած կամ անմխիթար պատկեր կը ներկայացնեն,անոնք ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն կ՛ազդեն եւ պիտի ազդեն նաեւ մերհայկական տոհմիկ, ազգային աւանդներուն, ըմբռնումներուն եւ հոգեւորարժէքներուն վրայ։Ժամանակն ու արդի ընկերութեան պարզած պայմանները, արդարեւ,ստեղծած եւ տուն տուած են ազգ եւ մշակոյթ քանդող իրողական ահաւորերեւոյթներու, որոնց դէմ պայքարիլը նոյնքան դժուար են, զանոնք յաղթահարելու համար գիտակցական հասունութիւն եւ համազգային ներդաշնակհամագործակցութիւն կը պահանջեն։Հայ ընտանիքը թունաւորող, աւանդական ընկալեալ այր եւ կին միաւորի,ընտանի՛ք հասկացողութիւնը եղծանող, մահաքունի առաջնորդող, քանդիչ ուկործանարար միասեռականութեան այժմէական ժահրը, թէեւ մերօրեայ պաշտօնական թէ անպաշտօն հեղինակութեանց, հասարակաց խօսակցութեանց,քննարկումներուն եւ կողմնորոշումներուն առարկան է, սակայն անոր թաքուն կամբացայայտ գոյութիւնը, մարդկային վաղ ժամանակներէն առկայ ու գոյ, իսկներկայ ժամանակներուն անտեսելով ամօթխածութեան եւ պատշաճութեան ամէնսահման՝ գլուխ ցցած կը յոխորտայ եւ կը սպառնայ քանդել աստուածադիր ամէն օրէնք, ընկերային թէ բնութեան կարգ ու սարք, ընտանեկան սրբութիւն, ազգայինու համամարդկային բարոյական արժէք։Հայը, ազգային իւրայատուկ իր դիմագիծով, հնադարեան իրպատմութեամբ եւ փորձառութիւններով, առաքելական ուղղափառ հաւատքով ուդաւանանքով, այսօրուան բազմամշակոյթ եւ բազմազգի այլակրօն ընկերութեան,բազմադաւան ու այլադաւան հասարակութեան մը խճանկարի պատկերինբաղկացուցիչ մէկ մասը կազմելով հանդերձ՝ իր ազգային տենչերով, ընկերայինինքնուրոյն նկարագրով, քրիստոնէական հաւատքի վկայութեամբ, հայ եկեղեցւոյազգային դրոշմով, բարոյականութեամբ, ընտանեկան աւանդոյթներով եւսովորութիւններով, բոլորէն անհամեմատ կը տարբերի, ու չի՛ կրնար եւ պէտք չէ՛տեղի տայ, զիջի կամ յանձնուի ապաբարոյ, մոլորեցուցիչ, ազգակործան,անպատուաբեր, մեղսալից յորձանուտի տիղմին մէջ։
Այդ Աստուծոյ, բնութեանօրէնքներուն, աւետարանի քրիստոնէական ուսուցումներուն, հայեցի նկարագրին,մարդկային արժանապատուութեան, ու բարոյական ամէն սկզբունքի խոտոր կըհամարուի եւ հակառակ է մարդկային բնախօսութեան։
Ըստ Աստուածաշունչին, «Սկիզբէն, արարածներու ստեղծա-գործութեանժամանակ, Աստուած ‘արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը’ եւ ըսաւ անոնց.``այս երկուքըմէկ մարմին պիտի ըլլան։ Անոնք այլեւս երկու չեն, այլ՝ մէկ մարմին։ Արդ, ոեւէ մէկըթող չբաժնէ անոնք՝ որ Աստուած միացուց՛՛» (Մարկոս 10։6-9)։ Հետեւաբարամուսնութիւնը, աստուածային տնօրինութեամբ՝ այր եւ կնոջ միութիւնն է, իսկնպատակը՝ որդեծնութիւն, զոր Աստուած օրհնեց եւ պատուիրեց ըսելով. «Աճեցէք,բազմացէք, երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք» (Ծննդոց 1։28):
Իսկ քրիստոնէական հասկացողութեամբ ամուսնացեալ զոյգեր, որդեծնութեամբ, ո՛չ միայնՔրիստոնէական եկեղեցւոյ ընտանիքը կը բազմացնեն, այլեւ աստուածայինստեղծագործական արարքին գործակից մասնակիցները կը դառնան։Հին Ուխտը կ՛ուսուցանէ եւ կը հաստատէ այն ճշմարտութիւնը, թէ երբմարդիկ հակառակ Աստուծոյ մարդախնամ տնօրինութեան, ամուսնութեանաստուածադիր հրամանէն խոտորեցան, մարդկային իրենց կոչումէն շեղելով երբմեղանչեցին, մարմնի ցանկութեանց գերի դառնալով խառնակեցան՝ Աստուծոյկողմէ խստիւ դատապարտուեցան, եւ Ջրհեղեղով ու Կրակով պատժուեցան։Որովհետեւ բոլոր անոնք որոնք մարմնական ցանկութեամբ կ՛առաջնորդուին եւպղծասիրութեամբ Աստուծոյ կը զայրացնեն՝ անոնք արքայութեան պիտիչարժանանան։ «Վախկոտներուն, անհաւատներուն, պիղծերուն, մարդաս-պաններուն, պոռնիկներուն, կախարդներուն, կռապաշտներուն եւ բոլորստախօսներուն բաժինը՝ կրակով եւ ծծումբով այրող լիճն է» (Յայտնութիւն 21:8):
Համաձայն Հին Ուխտի ուսուցումներուն, միասեռականութիւնը եւմիասեռական կենցաղը, հակումները զզուելի եւ գարշելի են Աստուծոյ աչքին եւարժանի են պատիժի։ Ղեւտացւոց գիրքը դատապարտելով նման կենցաղ կըզգուշացնէ. «Սեռային յարաբերութիւն պիտի չընես քեզ նման արական սեռինպատկանողի մը հետ, իբրեւ թէ կին ըլլար ան, որովհետեւ պղծութիւն է այդ»(Ղեւտացւոց 18:22)։
«Եթէ այր մարդ մը ուրիշ այր մարդու մը հետ քնանալու ըլլայ, սեռայինյարաբերութիւն ունենայ, ինչպէս կնոջ մը հետ կը յարաբերուին, անոնք գարշպղծութիւն գործած կ՛ըլլան՝ մահուամբ պէտք է պատժուին երկուքն ալ, որովհետեւմահապարտ են»(Ղեւտացւոց 20:13)։ Պօղոս առաքեալ միեւնոյն վճիռը կ՛արձակէ 8բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ՛եղծանեն Աստուծոյ տաճարը. Կորնթացիներուն գրածիր նամակին մէջ առաքեալը կը զգուշացնէ յորդորելով. «Չէ՞ք գիտեր որ ձերմարմինները տաճարն են Սուրբ Հոգիին որ Աստուծմէ առիք եւ ձեր մէջ կը բնակի։Գիտցէք որ դուք չէ՛ք ձեր անձերուն տէրը, այլ Աստուած՝ որ փրկագինով ձեզ գնեց։Հետեւաբար այնպէս ապրեցէք՝ որ Աստուած փառաւորուի ձեր մարմիններով» (Ա.Կորնթացիս 6:19-20):
Հետեւաբար միասեռականութիւնը եւ միասեռականանբնական պիղծ արարքները, արուամոլութիւնը կամ մարմնի չարաշահումը կըպղծեն, կ՛եղծանեն, կ՛ապականեն Աստուծոյ մեզի տուած մարմինը, ուր ԱստուծոյՀոգին կը բնակի։ Արդ, մարդ երբ կը մեղանչէ իր մարմնով, որ Աստուծոյ տուածՏաճարն է՝ մեղանչած կ՛ըլլայ Ս. Հոգիին դէմ, ու ինքզինք բաժնած, հեռացուցածկ՛ըլլայ Աստուծմէ։ Որովհետեւ լոյսը եւ խաւարը միասին չեն գոյատեւեր։ Աստուածսկիզբէն լոյսը խաւարէն բաժնեց ու մենք որպէս լոյսի որդի, ըստ ՊօղոսԱռաքեալին՝ այժմ «մարմնի գերութենէն, խաւարի ու մեղքի տիղմերէնլուացուեցանք, սրբուեցանք, արդարացանք Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մերԱստուծոյ Հոգիին միջոցաւ։ ... Մեր մարմինները պոռնկութեան համար չեն, այլՏիրոջ փառքին համար, որովհետեւ մեր մարմինները Տիրոջ ու Անոր փառքինհամար են» (Ա. Կորնթացիս 6:11-16):
Նիկիական հաւատոյ Հանգանակին մէջ կը յայտարարենք. «Կը հաւատանքմէկ եւ սուրբ եկեղեցւոյ»։ Հոս եկեղեցի ըսելով կը հասկնանք եկեղեցւոյ նիւթականկառոյցէն անդին՝ հոգեւոր եկեղեցւոյ, հաւատացեալներու համախմբումին, որոնքիրենց մաքրակենցաղ կեանքով, ապրելաոճով, սուրբ կը կոչուին։ Աարդարեւ,առաջին դարու քրիստոնեաներուն տրուած սուրբ բառը կը նշանակէր, թէքրիստնեաներ իրենց օրինակելի եւ տիպար աստուածահաճոյ կեանքով, անջատեւ հեռու կը մնային հեթանոս անհաւատներէն եւ աշխարհիկ զեխ հաճոյքներէն։Այդ իսկ պատճառաւ, առաքելական առաջին դարուն, եկեղեցի մտնելու եւ Ս.Պատարագի խորհուրդին մասնակցելու եւ Ս. Հաղորդութիւն կրնային ստանալմիայն անոնք, որոնք ապաշխարած, մկրտուած եւ մեղքերէ սրբուած մաքրա-կենցաղ էին։
Հետեւաբար Աստուծոյ նմանութեամբ ստեղծուած եւ Աստուծոյ Ս.Հոգին կրող մարդը, կոչուած է իր ապաշխար եւ սուրբ կեանքով, նկարագրով եւհաւատքի վկայութեամբ, աշխարհին «լոյսը եւ աղը» հանդիսանալու, եւ որպէսլոյսի որդի՝ կոչումն է աշխարհի ու մարդոց կեանքը յեղաշրջելու, ճշմարիտին,բարիին ու Աստուծոյ առաջնորդելու։ Պօղոս առաքեալ այս մասին կը վկայակոչէթելադրելով. «Այս աշխարհի մարդոց վարմունքը մի՛ ընդօրինակէք, այլ նորոգուածմիտքերով նոր մարդ եղէք, որպէսզի ձեր փորձառութեամբ ընտրէք լաւը,գիտնալով Աստուծոյ կամքը, այսինքն՝ ինչ որ բարի է, ընդունելի է Իրեն ուկատարեալ»։ «Ուստի մոռցէ՛ք ձեր հին ինքնութիւնը, այսինքն՝ ձեր նախկինապրելակերպը, որ խաբուսիկ ցանկութիւններով ապականած էր,վերանորոգուեցէ՛ք հոգիով՝ ձեր մտածելակերպը փոխելով, եղէք նոր մարդ մը՝Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրեցէք ճշմարիտ կեանքը՝արդարութեամբ ու սրբութեամբ» որովհետեւ, նոյն այս մտածումը մեր Տէրը Յիսուսհաստատելով կ՛ըսէ. «Ես եմ ձեր Տէր Աստուածը, սրբացուցէ՛ք ձեր անձերը եւսո՛ւրբ եղէք, քանի որ ես սուրբ եմ» (Հռոմայեցիս12:2, Եփեսացիս 4:22-24,Ղեւտացիս 11:44):
Ոմանք կ՛ըսեն արդարացնելով, որ միասեռականութիւնը տարբեր ձեւի «սէրէ», այր մարդոց կամ նոյն սեռին պատկանող անհատներու միջեւ։ Բարեկամականկամ ընկերային մարդկային սէրը, համակրանքը մարդոց միջեւ հասկնալի, ընդունելի եւ ըմբռնելի է այնքան ատեն, որ հոգեւոր մակարդակներու վրայ՝եղբայրական է, մաքուր ու մտերմիկ է եւ անկեղծ։ Որպէս քրիստոնեաներ, պէտք էզիրար սիրենք, եղբայրական անկեղծ սիրով. սակայն միաժամանակ, «Ով որ իրհայրն ու մայրը, կինն ու զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը, ինչպէս նաեւ իր իսկանձը աւելի կը սիրէ քան զիս, ինծի արժանի չի՛ կրնար ըլլալ, ոչ ալ ինծիաշակերտ», կ՛ըսէ Յիսուս (Մատթէոս 10:37, Ղուկաս 14:26): Որովհետեւ կարելի չէԱստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած սէրէն գերիվեր դասել կամ աւելի սիրել այլ մէկը։Մեր տածած եւ ունեցած ամէն տեսակի սէր, համընկնելու է եւ ո՛չ թէ հակադրուելուէ Աստուծոյ։ Այս հիմունքով եւ աստուածաշնչական սկզբունքներովմիասեռականութիւնը կամ միասեռական վարքագիծ որդեգրողներու «սէր»ը սէրչէ, այլ՝ տարփանք, ցանկութիւն, մարմնական տրփանք։Միասեռականութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ մարմական կիրք, շեղուածք,մարդկային անբնական, ախտագին մոլութիւն է եւ խոտորում, որ բնութեան ուԱստուծոյ դէմ մեղանչում է ու դատապարտելի։ Եղկելի հիւանդագին այսմոլորութիւնը, բոլոր տեսակի մեղքերու, մոլութիւններու եւ մոլորութիւններու նմանհարկ է, որ ենթական անդրադառնայ, գիտակցի, զղջայ, ու ջանայ ինքզինքսրբագրել, ուղղել սխալ իր ընթացքը փոխել, որպէսզի ախտագին մոլեգնածանբնական վիճակէն դուրս գայ։ Որովհետեւ ըստ Աւետարանի ուսուցումներուն եւՅիսուսի խօսքին, որ կ՛ըսէ. «Եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտիկորսուիք» (Ղուկաս 13:3, 5):
Փրկութիւն չկայ բոլոր անոնց, որոնք անապաշխար ումեղսալից կեանք կ՛ապրին։ Կորստեան պիտի դատապարտուին բոլոր անոնք,որոնք մեղքի մէջ կը յարատեւեն, չեն ապաշխարեր ու իրենց կենցաղակերպը չենփոխեր։Միասեռականներ եւ բոլոր տեսակի մեղաւորներ, կարեկցութեան եւօգնութեան պէտք ունին։ Անոնք բժշկական եւ հոգեւոր խնամքի կը կարօտին։Բարեխիղճ հոգածութիւն ցուցաբերելու ենք, եւ մարդկային ներողամիտմօտեցմամբ՝ ջանալու ենք զգաստութեան եւ ուղղութեան հրաւիրել.աստուածաշունչի բարոյական եւ բնութեան օրէնքները մատնանշելու ենք ուԱստուծոյ կամքը եւ ճշմարտութիւնը պարզելու ենք, սխալ եւ մեղսալից անբնականկենցաղի վտանգաւոր հետեւանքները պարզելով՝ սրբագրութեան եւ վերադարձիուղիները միասնաբար որոնելու ենք, յաճախ աղօթելու եւ Աստուծոյ ճամբաներունեւ օրէնքներուն առաջնորդելու ենք։Եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը հաստատէ այն իրողութիւնը, որ շատ մըսուրբեր ինչպէս Մովսէս մարգարէ, Ս. Պօղոս առաքեալ, Ս. Օգոստինոսհայրապետ եւ շատ ուրիշներ, որոնք նախապէս, դարձի գալէ եւ քրիստոնէութիւնըընդունելէ առաջ, ամօթալի եւ մեղսալից, դատապարտելի կեանք ունէին, սակայնապաշխարութեամբ եւ զղջմամբ՝ էապէս կերպարանափոխուեցան եւ շրջադարձհոգեփոխութեամբ, ո՛չ միայն աստուածանուէր կեանքի նուիրուեցան, այլեւգործով եւ վկայութեամբ Եկեղեցւոյ փառքն ու պարծանքը հանդիսացան։
ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆ ՊԷ՞ՏՔ Է ՀԱԿԱՌԱԿԻ ՄԻԱՍԵՌԱԿԱՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԵՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
Այո՛։ Որպէս քրիստոնեաներ հետեւելով եւ հնազանդելով աստուածային եւբնութեան անյեղլի օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ բարոյական սկզբունքներուն,նախանձախնդրութեամբ եւ ամենայն խստութեամբ պէտք է հակառակինք, ընդդիմանանք նման եղծեալ, խաթարուած մտքի, տեսակէտի եւ ապաբարոյ,մեղսալից այլասերած վարմունքի, օրինականացնելու այն ինչ որ դատապարտելի,պարսաւելի եւ ժխտում ուրացումն է աստուածադիր ամուսնական, ընտանեկանկեանքի սրբութեան, օրինականութեան եւ վեհութեան։
Ընտանիքի մըամուսինները կը յատկանշուին սեռերու, -այր եւ կնոջ- բնական եւ բնախօսականտարբերութեամբ, անոնց ստանձնած զատորոշ դերերով, փոխադարձ պարտա-կանութիւններով եւ պարտաւորութիւններով։ Աստուածաշունչ մատեանի Ծննդոցի2:24, 3:16-19, Ղեւտացւոց գիրքի 20:13, Մարկոսի 10:6-9, 7:21-23, Մատթէոս 6:14-15, 18:23-35, 6:24, Հռոմայեցիս 12:15-19, Ղուկաս 18:9-14, Գաղատացիս 6:2-5,Մատթէոս 20:25-28, 23:2-4, 23:23, 33, Ա Տիմոթէոս 6:9-10, Ելից 20:16,Յայտնութիւն 21:8, Ա Կորնթացիս 6:9-11, համարները, ո՛չ միայն կը խօսին եւ կըհաստատեն ամուսնութեան, այր եւ կնոջ միաւորման, աստուածային պատուէրինմասին, այլեւ միասեռականներու եւ միասեռ ամէն տեսակի յարաբերութեան ուվարմունքի, ինչպէս նաեւ զանազան տեսակի պարտազանցութեանց եւ մեղքերուեւ յանցագործութեանց հետեւողներու, ինչպիսիք են՝ ինքնասէր մեծամիտներ,անողորմ անգութներ, դրամապաշտներ, հպարտներ, ստախօս խաբեբաներ,նախանձներ, կեղծաւորներ, որոնց նկատմամբ սահմանուած են աստուածայինվրէժ, պատուհաս եւ պատիժ։ Սակայն մարդկային բնութեան տկարութեանպատճառաւ գործուած բոլոր մեղքերը ըստ Աւետարանին, ներելի են զղջումով,ապաշխարութեամբ եւ դարձի գալով. «Միթէ չէ՞ք գիտեր որ անիրաւութիւնընողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն։ Դուք ձեզ չխաբէք։ Անոնքոր պոռնկութիւն կ՛ընեն կամ կռապաշտ են, կամ՝ շնացող, իգացեալ, արուագէտ,գող, ագահ, գինեմոլ, բամբասող կամ յափշտակող՝ Աստուծոյ արքայութիւնըպիտի չժառանգեն...
Բայց ձեր մեղքերէն լուացուեցաք, սրբուեցաք, արդարացաքմեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով եւ մեր Աստուծոյ Հոգիին միջոցաւ» (Ա.Կորնթացիս 6:9-11): Միաժամանակ Աւետարանը խիստ է, եւ Յիսուսի բերանով կըյիշեցնէ, թէ աններելի է այն մեղքը, որ մարդ գիտակցաբար Աստուած կ՛ուրանայ եւԱստուծոյ Ս. Հոգիին դէմ կը հայհոյէ, ո՛չ այս կեանքին եւ ո՛չ ալ անդենականին մէջպիտի ներուի։ Յիսուսի պատուէրը այս մասին յստակ է, ու կ՛ըզգուշացնէ.«Մարդիկ որքան ալ մեղք գործեն կամ հայհոյութիւն ընեն, Աստուած պիտի ներէանոնց այդ բոլորը. բայց պիտի չներէ անոր, որ Սուրբ Հոգիին կը հայհոյէ, այսինքն՝կը նախատէ զԱյն։ Ոեւէ մէկը որ Մարդու Որդիին դէմ խօսի՝ Աստուած պիտի ներէանոր, բայց Սուրբ Հոգիին դէմ խօսողին պիտի չներէ, ո՛չ այս աշխարհի մէջ եւ ո՛չալ հանդերձեալին» (Մատթէոս 12:30-32):
Պօղոս Առաքեալ, Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ, բացայայտ կըպարզէ մարդոց մեղանչական բնութեան անխուսափելիութիւնը, յայտարարելով.«Աստուծոյ առաջ ամէնքս ալ կերպով մը մեղաւորներ ենք», միաժամանակ կըյուսադրէ մեղաւորները, որ զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կրնան մեղացքաւութեան շնորհին արժանանալ. «Եթէ ըսենք, ՝՝Մեղք չունինք՛՛, մենք մեզ կըխաբենք եւ մեր մէջ ճշմարտութիւն չկայ։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը,վստահ եղէք՝ թէ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտիսրբէ մեր բոլոր անիրաւութիւններէն» (Ա. Յովհաննէս 1:8-9)։ «Մէկ անձի մըպատճառով էր որ մեղքը աշխարհ մտաւ, եւ մեղքին պատճառով աշխարհ մտաւմահը։ Եւ այսպիսով մահը տիրեց բոլոր մարդոց. որովհետեւ բոլորն ալ մեղքգործեցին։
...Արդարեւ, թէպէտ բոլոր մարդիկ մեղանչեցին եւ Աստուծոյ փառքէն 11զրկուած կը մնան, սակայն Աստուած զանոնք կ՛արդարացնէ իր ձրիօրէնպարգեւած շնորհքովը» (Հռոմայեցիս 5:12, 5:12, 3:23-24): Արդ, ոչ ոք կրնայյայտարարել, պարծենալ, որ մարդ իր սեփական ճիգերով կրնայ փրկութեանարժանանալ կամ փրկուիլ։ Այլ, Աստուծոյ անբաւ սիրոյն, ողորմութեան եւգթութեան ապաւինելով է միայն, որ մեղաց քաւութեան, թողութեան եւփրկութեան կ՛արժանանանք։
Այս մասին Պօղոս Առաքեալ խօսելով, կը պարզէ.«Բայց մինչ մենք մեր մեղքերուն պատճառով հոգեւորապէս մեռած էինք, Աստ-ւած, որ առատ է իր ողորմութեամբ, մեզի հանդէպ ունեցած մեծ սիրոյն համար,որով մեզ սիրեց, մեզ վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով։ Այո՛, շնորհք ըրաւ՝փրկելով մեզ... Այո՛, Աստուծոյ շնորհքովը փրկուեցաք, քանի հաւատացիք։Փրկութիւնը ձեր արժանիքը չէ, այլ՝ Աստուծոյ պարգեւն է» (Եփեսացիս 2:4-8,Տիտոս 3:3-8):
Հետեւաբար Աստուծոյ սիրոյն, շնորհաց եւ փրկութեան ձրիպարգեւին կ՛արժանանան բոլոր անոնք, որոնք հաւատքով, խոնարհութեամբ եւանկեղծութեամբ Աստուծոյ կ՛ապաւինին, Անոր կը դիմեն։ Իսկ եթէ հարց տանք, թէորո՞նք արժանի պիտի ըլլան երկինքի արքայութեան. վճիռը միայն Աստուծոյ կըպատկանի։ Միայն Աստուած է, որ պիտի դատէ եւ արդար վճիռ արձակէ։ Աստ-ուածաշունչը մեզի կը թելադրէ եւ կ՛ուսուցանէ չդատել, չդատապարտել ոչ մէկը,ո՛չ ալ կանխատես դատողութեամբ դատապարտել կամ ենթադրել, թէ ո՞վ պիտիփրկուի կամ ո՞վ փրկութեան պիտի չարժանանայ։
Քրիստոնեայի մերպարտականութիւնը պէտք է ըլլայ, օգնել մեր նմանները, սրբութեան,մաքրութեան եւ ապաշխարութեան առաջնորդել։ Յակոբոս Առաքեալի յորդորն է,որ կ՛ըսէ. «Իրար մի՛ բամբասէք, եղբայրներ։ Ով որ իր եղբայրը կը բամբասէ կամկը դատէ զայն՝ Օրէնքը բամբասած կամ Օրէնքը դատած կ՛ըլլայ։ Իսկ եթէ Օրէնքըկը դատես՝ կը նշանակէ թէ Օրէնքը գործադրողը չես, այլ՝ անոր դատաւորը։ ՄիակՕրէնսդիրն ու Դատաւորը, որ իշխանութիւն ունի փրկելու կամ կորուստիմատնելու՝ Աստուած է։ Դուն ո՞վ ես որ քու ընկերդ կը դատես» (Հռոմայեցիս 14:10-13, Ա. Կորնթացիս 4:3-5, Յակոբոս 4:11-12)։
ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒՈԻՒԹԻՒՆ
Մատթէոսի Աւետարանի 18-րդ գլուխին մէջ կը կարդանք մեր Տէր ՅիսուսՔրիստոսի առաքեալներուն եւ հետեւորդներուն տուած իշխանութիւնը մարդոցմեղքերը ներելու եւ կապելու. հոն կը լսենք մեր Տիրոջ Յիսուսի յայտարարութիւնը,որ կ՛ըսէ. «Ինչ որ կապէք երկրի վրայ՝ կապուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ, եւ ինչ որարձակէք երկրի վրայ՝ ար-ձակուած պիտի ըլլայ երկինքի մէջ» (Մատթէոս 18:18):
Քրիստոսի կողմէ Եկեղեցւոյ եւ առաքեալներուն ու անոնց յաջորդողեկեղեցականներուն տրուած կապելու եւ արձակելու իշխանութիւնը, պէտք է որհամընկնի, համապատասխանէ ու ներդաշնակուի Աստուածաշունչի Օրէնքներուն,պատգամներուն եւ ուսուցումներուն։ Իսկ եթէ ոեւէ մէկը հակառակ Աստուծոյ Օրէնքներուն եւ Աւետարանի ուսուցումներուն, անարժանաբար կապէ եւ արձակէ՝վճռապէս անընդունելի ու անվաւեր պիտի ըլլայ Աստուծոյ կողմէ։ Նոյն այսգաղափարը կը շեշտէ Պօղոս Առաքեալ Գաղատացիներուն գրած իր նամակին մէջ,ուր կը զգուշացնէ յայտարարելով. «Բայց ով որ մեր քարոզածէն տարբերաւետարան մը քարոզէ ձեզի, ո՛վ ալ ըլլայ՝ նոյնիսկ մենք կամ երկինքէն հրեշտակմը՝ անիծեալ ըլլայ։ Ահա ըսի եւ կը կրկնեմ. ով որ ձեզի աւանդուածէն տարբերաւետարան մը քարոզէ՝ անիծեա՛լ ըլլայ» (Գաղատացիս 1:8-9):Հովիւներ եւ եկեղեցականներ կոչուած են եկեղեցւոյ հաւատացեալներըառաջնորդել, ուսուցանել Աստուծոյ Օրէնքներուն եւ Աւետարանի պատուիրաններուն համաձայն։ Ոչ ոք իրաւունքը եւ իշխանութիւնը ունի ԱստուծոյՕրէնքներուն եւ Աստուածաշունչի կանոններուն հակառակ օրէնք, կանոնուսուցանել։ Որովհետեւ եկեղեցւոյ սպասաւոր ու ժողովուրդին հոգեւորդաստիարակ՝ «Քահանային շրթունքը աստուածճանաչութիւն պէտք է պատգամէեւ ուսուցանէ։ Մարդիկ անոր բերնէն Աստուծոյ Օրէնքները պիտի լսեն, իմանան ուսորվին, քանի որ քահանան Ամենակալ Տիրոջ պատգամաբերն է» (Մաղաքիա 2:7):Աստուած խստիւ կը զգուշացնէ եկեղեցւոյ պաշտօնեաները պատգամելով.«Մարդու որդի, քեզ դէտ կարգեցի, որ իմ բերանիս խօսքերը լսես եւ իմ կողմէսժողովուրդը զգուշացնես։ Երբ ամբարիշտ մեղաւորին ըսեմ, որ իր մեղքերունպատճառաւ պիտի մեռնիս, եւ դուն չխօսիս, եւ մեղաւորը իր ընթացքէնչզգուշացնես՝ մեղաւորը անշուշտ իր անօրէնութեան մէջ պիտի մեռնի, բայց անորարիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ» (Եզեկիէլ 33:7-8)։
Քրիստոսի Ուղղափառ Եկեղեցին ու Հայ Առաքելական եկեղեցին,ընդհանրապէս չեն ուրանար, չեն մերժեր, չեն նուաստացներ, ո՛չ ալարհամարհանքով կամ թշնամութեամբ կը վերաբերին միասեռականներունկատմամբ, այլ՝ զանոնք կը նկատեն որպէս թոյլ անհատականութեան տէր եւտկար նկարագիր ունեցող անձնաւորութիւններ։ Զանոնք կ՛ընդունին այնպէսինչպէս որ են, առանց նուաստացնելու, անգոսնելու կամ չարաշահելու, սակայն՝անյարմար կը նկատեն ու անոնց չեն վստահիր, որ ստանձնեն դասատուուսուցիչի, Կիրակնօրեայ դպրոցի դաստիարակի, պատանեաց-երիտասարդացխմբակներու խորհրդատուի, հոգեւորականի, համայնքային ու հանրային կեանքէններս պատասխանատու պաշտօններ եւ պարտականութիւններ։
Միաժամանակսակայն, անոնց հանդէպ հոգածու վերաբերում կը ցուցաբերեն եւ կը ջանանուղղութեան եւ զգաստութեան հրաւիրել, հետամտելով անոնց թիւր, այլեասերածեւ եղծեալ նկարագրին ու կենցաղակերպին մէջ փոփոխութիւն յառաջացնել,իրականացնել։Բացայայտ կ՛ընդունինք, որ այս մարզէն ներս, այս հարցի առնչութեամբ,անհրաժեշտ հրամայական է հոգեւոր հոգատարութեան եւ խորհրդատուութեանկարեւորութիւնը։ Առ այդ, եկեղեցիներ եւ պատասխանատու մարմիններ, նկատիունենալու են հետեւեալ միջոցները, ուղիները եւ հնարաւորութիւնները.
ա.- Համբերութիւն, երկայնամտութիւն եւ քաջատեղեակ լայն ծանօթութիւնանհրաժեշտ է, սեռային հարցի առնչութեամբ, վերացնելու համար յեղաթիւրեալ եւխոտոր տեսակէտները։
բ.- Լայնօրէն միասեռական իրողութեան եւ միասեռականութեան մասինգոյութիւն ունեցող անհրաժեշտ եւ ընդարձակ տեղեկութիւններ փոխանակել։
գ.- Պարկեշտութեամբ եւ անկեղծութեամբ զբաղիլ միասեռականութեանտուն տուող պատճառներուն եւ հարցադրել, թէ ինչո՞ւ ընդհանրապէս կը ծածկենքկամ կը խուսափինք այս հարցը դիմակալելէ։
դ.- Միասեռականութեան առթած հոգեբանական եւ սարսափ ազդողչարիքը՝ բացայայտուելու եւ վանուելու է, նման այլ չարիքներու, ինչպիսին են՝ցեղային խտրականութիւնը, հակասեմական կամ հակակրութեան այլամերժզգացումները։
ե.- Ժողովրդային կոչ ուղղել, հաշտարար մօտեցում եւ վերաբերմունքցուցաբերելու, պաշտպանելու մարդկային տարրական իրաւունքներըմիասեռականներու եւ արուագէտներու։
Անկախ այս բոլորէն, հովուական հոգեւոր խորհրդատուութեանց ընթացքին,ծագած կարեւոր հարցերէն մին, որ հրատապ քննարկումներու պատճառ դարձածայն իրողութիւնն է՝ թէ միասեռականութեան վարկածը կամ միասեռականհակումներ ունեցողի ախտագին վիճակը մնայո՞ւն է թէ կարելի է փոփոխել ուշրջել։
Այս հարցին պատասխանները կողմնորոշած են անհատի մը ընկալումըմբռնումներն ու հասկացողութիւն մօտեցումները, միասեռական երեւոյթիհանդէպ եւ առաջնորդած՝ դրական կամ ժխտական դիրքորոշուելու։
Ուրիշներմիասեռականութիւնը կը նկատեն որպէս խոտորում, շեղում, այլասերում,հիւանդագին մեղսալից հոգեվիճակ։ Իսկ կարգ մը պարագաներուն, ոմանք հակածեն ընդունելու միասեռականներու անհատական կողմնորոշումի նախասիրութիւնըեւ այդու՝ արժանապատիւ, հաշտ հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն։ Իսկ այլպարագաներուն, կ՛առաջարկուի բժշկական-հոգեբանական եւ հոգեւորխորհրդատուութեամբ, առաջքը առնելու կարելիութիւնները, յուսալով եւակնկալելով, որ ենթական ախտագին, մոլորեալ եւ այլասերած հիւանդագինվիճակէն դուրս գալով՝ շրջադարձութիւն կ՛ունենայ եւ կը ձերբազատուի ապառողջկենցաղէ։Սակայն եւ այնպէս, բոլոր պարագաներուն ալ, սոյն հարցը սերտառնչութիւն ունենալով մարդկային խորհրդաւոր բնութեան կազմախօսութեան,հոգեբանութեան եւ բնախօսական բնազդին՝ խռթին է ու կնճռոտ, եւ անհնար էվերջնական, յստակ լուծումներ գտնել ու եզրակացութեանց յանգիլ։
Այդ իսկպատճառաւ, աւելի նպատակայարմար, գործնական եւ այժմէական է հասկացողոգի ցուցաբերել, անդրադառնալ եւ լուարձակի տակ առնելով խօսիլ եւ վերլուծել,լաւագոյնս հասկնալու մարդկային սեռերու՝ -արու եւ էգ- համակարգը, անոնցյարակցութեան դրսեւորումները, սեռայնութեանց յատկութիւնները, գործնականյատկանիշները, զատորոշ բնութեանց բնախօսական իւրայատկութիւնները, քանիոր մարդկային սեռային բնազդը, արտայայտչական իր զանազան ձեւերը, բարդեղանակներն ու միջոցները ունի։Արդ, հետեւանք այս բոլորին, մտահոգ եւ սոյն հարցով զբաղող հովուականխորհրդատուութիւնը, պէ՛տք է նպաստէ, նեցուկ կանգնի եւ օգնէ, այր թէ կնոջիւրայատուկ ինքնութեանց հաստատման։
Քրիստոնէական անանձնական սիրովեւ հոգածութեամբ, առանց դատապարտելու զանոնք ընդունի, այնպէս ինչպէս որեն։
Վերջապէս որպէս գիտակից եւ պատասխանատու, հոգատար եւ սիրովառլցուն քրիստոնեայի՝ հարկաւոր է յարգել ենթակայի անձը, անհատը եւ ոչ թէանոր -այր թէ կին- նկարագրային այլասեր բնութիւնը նկատի ունենալով՝ հապճեպորոշումներու եւ կանխահաս ենթադրութիւններու չյանգի, ենթադրելով՝ թէ ինքաւելի լաւը գիտէ թէ ի՞նչն է անոնց համար նպաստաւորն ու օգտակարը։
Ս.ԳՐԱՅԻՆ ՑՈՒՑՄՈՒՆՔ-ԹԵԼԱԴՐԱՆՔ
Հետեւողութեամբ Ս. Գրոց պատգամներու կանոնին, եւ Յիսուսի խօսքով ուգործքով ապրուած օրինակելի կեանքին եւ ուսուցումներուն թելադրանքն է՝յանձնապաստան չըլլալ, մեր անձերը արդարացնելով եւ «մեղաւոր» նկատուողանհատներէ մեզ հեռու, անջատ պահելով, անոնցմէ խուսափելու չենք, ո՛չ ալարհամարհելու ենք, այլ ընդհակառակը՝ Աստուածաշունչի բարոյականուսուցումներուն նպատակը մեզի օգնել է, որպէսզի Աստուծոյ կամքին համաձայնապրինք։ Աւետարաններու պատգամն ու յորդորը նոյն թելադրանքը կ՛ընեն, խրատելով. «Յիսուս ըսաւ. Առողջները չեն որ բժիշկի պէտք ունին, այլ՝ հիւանդ-ները։ Գացէք եւ սորվեցէք թէ ինչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. ՝Ողորմութիւնկ՛ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ՛։ Որովհետեւ չեկայ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները»(Մատթէոս 9: 12-13, Ղուկաս 7:36-48):
Ուրիշները դատելու, դատապարտելու եւ յանցաւոր նկատելու մարդուբնախօսական, բնածին հակումը, յաճախ կը ձգտի այլոց մէջ յանցանք, թերացումնկատելու։ Ինքնարդարացման, ինքզինք արդարացնելու մարդկային ընդոծին այսնկարագիրը, մաս կը կազմէ մարդու բնախօսութեան, հոգեբանութեան եւբնազդային կազմուածքին։Աստուածաշնչական կանոններու եւ Յիսուսի ուսուցումներուն համաձայն,մարդկային յեղաթիւրեալ այս նկարագիրը, հակաաւետարանական են ուհակոտնեայ քրիստոնէական բարոյական արժէքներուն։ Աւետարանիպատգամներն ու ուսուցումները այս առնչութեամբ յստակ են եւ կը բառացուցենայս ճշմարտութիւնը։ Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «ԴարձեալbՅիսուս կը պատգամէ ըսելով. ՝՝Սիրէ՛ քու Տէր Աստուածդ ամբողջ սրտովդ, ամբողջհոգիովդ եւ ամբողջ մտքովդ...եւ սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս՛՛։ Այս երկուպատուիրաններէն կախեալ են ամբողջ Օրէնքը եւ մարգարէներու ուսուցումները»(Մատթէոս 22:37-40):Աստուածաշունչի բարոյական ուսուցումներու նպատակը ո՛չ թէ այլոցդատապարտել է, ո՛չ ալ կը միտին եւ մեզ կը մղեն դատաստան ընելու, քանիդատելու իշխանութիւնը եւ իրաւունքը միայն Աստուծոյ կը պատկանի, այլ՝ օգնե՛լէ, որպէսզի աստուածահաճոյ եւ Աստուծոյ կամքին համաձայն կեանք ապրինք։«Որովհետեւ մենք կը ճանչնանք ան՝ որ կ՛ըսէ. ՝՝Ի՛մս է դատելու եւ պատժելուիրաւունքը. ե՛ս պիտի հատուցանեմ, կ՛ըսէ Տէրը՛՛, եւ կ՛աւելցնէ. ՝՝Տէրը ինք պիտիդատէ իր ժողովուրդը՛՛» (Եբրայեցիս 10:30):
«Ինչո՞ւ կը դատես ուրեմն եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ զայն կ՛արհամարհես։Բոլորս ալ Քրիստոսի ատեանին դիմաց պիտի կանգնինք... Մեզմէ իւրաքանչիւրըիր անձին համար հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ, այսուհետեւ դադրի՛նք իրարքննադատելէ, եւ փոխարէնը ջանանք մեր եղբայրներուն գայթակղութեան եւմեղանչումին պատճառ չդառնալ» (Հռոմայեցիս 14:10-13): Յիսուսի պատգամթելադրանքն է՝ ուրիշը դատելէ, հպարտութեամբ վերէն նայելէ եւ զանոնքնուաստացնելէ առաջ, նախ հարկ է ինքնաճանաչմամբ, մեր գործած սխալները եւմեղքերը ընդունիլ եւ մեր գործած մեղքերուն թողութիւն խնդրել, նախ քան ուրիշըքննադատելը կամ դատապարտելը։ «Ուստի դուք ալ ոեւէ մէկը մի՛ դատէքժամանակէն առաջ, մինչեւ գայ Տէրը, որ մարդոց մութ գաղտնիքները լոյսին պիտիբերէ եւ երեւան պիտի հանէ միտքերուն մէջ ծածկուած խորհուրդները։ Ահա այնատեն իւրաքանչիւրը Աստուծմէ պիտի ստանայ արժանի գովասանքը» (Ա.Կորնթացիս 4:5):
Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, Յիսուսի տուած պատգամն ալնոյնը կը հաստատէ, խրատելով. «Մի՛ դատէք ուրիշները, որպէսզի Աստուած ալձեզ չդատէ. որովհետեւ ի՛նչ սկզբունքով որ ուրիշները դատէք՝ Աստուած անովպիտի դատէ ձեզ, եւ ի՛նչ չափանիշ որ գործածէք՝ նոյնը Աստուած պիտի գործածէձեզ դատելու համար։ Ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջ եղած շիւղը կը տեսնես եւ չեսանդրադառնար թէ աչքիդ մէջ գերան կայ» (Մատթէոս 7:1-3):
Որպէս քրիստոնեաներ, յիշելու եւ անդրադառնալու ենք, թէ բոլորս ալ մերկարգին, մեղաւորներ ենք, եւ հակառակ մեր մեղաւորութեան, Աստուած կը սիրէ 15իր բոլոր զաւակները եւ պատրաստ է ներելու, եթէ խոստովանինք եւ ընդունինքմեր մեղքերը։ «Եթէ ըսենք՝ ՝՝Մեղք չունինք՛՛, մենք մեզ կը խաբենք եւ մեր մէջճշմարտութիւն չկայ։ Իսկ եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք՝ թէԱստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը եւ մեզ պիտի սրբէ մեր բոլորանիրաւութիւններէն» (Ա. Յովհաննէս 1:8-9): «Արդարեւ , թէպէտ բոլոր մարդիկմեղանչեցին եւ Աստուծոյ փառքէն զրկուած կը մնան, սակայն Աստուած զանոնքկ՛արդարացնէ իր ձրիօրէն պարգեւած շնորհքովը, Քրիստոս Յիսուսի փրկագոր-ծութեան միջոցաւ» (Հռոմայեցիս 3:23-24):
Ի՞ՆՉ Է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԵՐԸ
Եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է ծխական համայնքին պատկանողհաւատացեալներու սխալները, սխալ արարքները սրբագրել, ուղղութեանհրաւիրել, չանսացողներն ու անապաշխարները, գայթակղութեան պատճառեղողները, անհրաժեշտութեան պարագային, եթէ հարկը պահանջէ՝ զանոնքհեռացնել հաւատացեալներու ժողովէն կամ չյարաբերիլ անոնց հետ։ ՊօղոսԱռաքեալ Կորնթացիներուն եւ Տիտոսին ուղղած իր նամակին մէջ այս մասինանդրադառնալով նոյնը կը թելադրէ. «Ճշմարտութենէն հեռացած ոեւէ անձ մէկկամ երկու անգամ խրատելէ ետք՝ երբ տեսնես որ անօգուտ է՝ կապերդ խզէ՛ անորհետ, գիտնալով որ անիկա մոլորած մըն է եւ մեղքի մէջ կը մնայ՝ ինքզինքինդատապարտութեան պատճառ դառնալով»։ «թէպէտ քրիստոնեայ եղբայր կըկոչուին, բայց կա՛մ պոռնկութիււն կ՛ընեն կամ կռապաշտ են, կա՛մ ագահ կամբամբասող, կա՛մ գինեմոլ եւ կամ յափշտակող։ Այնպիսիներուն հետ նոյնիսկսխղան մի՛ նստիք։ ...Եկեղեցիին անդամները դատելը ձեր գործն է։ Ուստի, ինչպէսՍուրբ Գիրքը կ՛ըսէ. ՝՝Չարը ձեր մէջէն վերցուցէք՝՝» (Տիտոս 3:9-11, Ա. Կորնթացիս11-13):
ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՄԻ ՔԱՆԻ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ա.- Եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտականութիւններէն մին կը նկատուիշրջանցել, առաջքը առնել որեւէ տեսակի խտրականութեան, որ կը հակադրուիմարդկային իրաւունքներուն, նեռարեալ իրաւունքները այն մարդոց՝ որոնք ունինսեռային այլ հակում եւ նախասիրութիւն, խտրականութիւն չցուցաբերել, այլհանդուրժող ոգի եւ զանոնք ընդունիլ այնպէս ինչպէս որ են։
բ.- Միասեռականութեան բարդ հարցի բնոյթը, տուեալ իւրաքանչիւրպարագայի, աստուածաշունչի օժանդակութեամբ, պէտք է ենթարկուիխորաթափանց եւ մանրազննին ըստ էութեան քննարկման եւուսումնասիրութեան։ Միաժամանակ, նկատի առնուելու է տարբերաւանդութիւններէ եւ բարոյագիտական մօտեցումներէն յառաջացածկողմնորոշումներու նկատմամբ՝ եւ հասկացող վերաբերում ցուցաբերուելու է։
գ.- Սեռային բարոյագիտութիւնը մաս պէտք է կազմէ եկեղեցւոյ հովուականդաստիարակչական ծրագրին, ու ներառնէ պատանեաց-երիտասարդացխմբակներու, ինչպէս նաեւ ընտանեկան կրօնադաստիարակչականխորհրդատուական բնագաւառները, հիմք ունենալով աստուածաշունչիուսուցումները, հայկական մեր ցեղային ինքնուրոյնութիւնը, ազգայինաւանդոյթներն ու ընտանեկան բարոյական արժէքներու սրբութիւնները։
դ.- Անհրաժեշտ հրամայական է ու կարեւոր, սեռային առողջ գիտութեան եւճանաչողութեան աչալուրջ ուսումնասիրութիւնը, ինչպէս նաեւ սեռային բարոյագիտութեան ուսուցումն ու անոնց բարոյական գործառնութեանառչութիւնը կեանքի պայմաններուն։
Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան
Հոդվածն արևմտահայերենով է և դասական ուղղագրությամբ