▲ Դեպի վեր

lang.iso lang.iso lang.iso

Զարհուրելի տեղեկություններ սիրիացի փախստական երեխաների մասին

«Արևելքը» գրում է.Սուրիացի փախստական  երեխաներ անասելի դաժանութիւններու զոհ կը դառնան Թուրքիոյ մէջ: Ըստ «Russia Today»-ի խեղդամահ  եղած  երեխաներու օրկանները կը հանուին դիակներէն ու կը վաճառուին «սեւ շուկաներ»ու  մէջ: Ըստ նոյն աղբիւրին, ռուսատառ   Komsomolskaya Pravda թերթին լրագրողը այցելած է Լեսվոսի կղզիի փախստականներու գաղթակայանները  եւ  գրած «Անոնց փոքր մարմինները կը ծփան Միջերկրական ծովու ալիքներուն վրայ, կապտած շրթունքներով եւ մոմի նմանող դէմքերով, ծովուն աղը կ'ուտէ անոնց մորթը, իսկ ձուկերը՝ միսերը, իսկ ալիքը դիակներու մնացորդները կը հասցընէ յունական կղզիներու ժայռերուն վրայ»: Լրագրողը,  շարունակելով կ'ըսէ,-«Կարելի է ըսել, որ անցնող աշունն ու ձմեռը մղձաւանջ էին Լէսպոսի բնակիչներուն համար, ուրկէ թրքական ծովափը կը գտնուի ընդամէնը  6.5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ»: Զեկոյցին  մէջ կը նշուի, որ մեծ ու փոքր փախստականներու մարմինները  տարածուած են ամենուրէք, եւ զանոնք թաղելը անհնար է, ազատ հողակտորներու  պակասին  եւ թաղման ծախսերու սղութեան հետեւանքով: Անգամ մը 120 դիակներ ձգուած էին աղբանոցի մը մօտ ու ապա  լեռներուն մէջ գտած էին  հին  լքուած գերեզմանոց մը եւ հոն փոխադրած դիակները  եւ այնտեղ թաղած, առանց թիւերու կամ անուններու կամ քաղաքացիութիւն նշելու: «Կրնայ ըլլալ որ օր մը յուշակոթող մը կանգնեցուի այդ խեղճերու յիշատակին եւ վրան գրուի՝ «Ի յիշատակ բոլոր անոնց, որոնք չհասան  ցանկալի նպատակին. ննջէք խաղաղութեամբ»:

Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ  յոյն ձկնորսներ կը հաստատեն, որ տեսած են կարուած փորերով մեծ ու փոքր տարիքի մարդոց դիակներ: «Թուրքիոյ մէջ փախստականներու օրկանները կը հանուին եւ անոնց դիակները կը նետուին ծովը, որպէսզի ոչնչացուին ձուկերու կողմէ» կը հաղորդուի զեկոյցին մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ  թրքական ոստիկանութիւնը անցեալ տարուան դեկտեմբերին Պորիս Ուոքըր անունով իսրայէլացի մը ձերբակալած է (իսկական անունը Wolfman), որ սուրիացի փախստականներէն կը գնէր անոնց օրկանները, որ մարմինէներէն  կը հեռացուէին թրքական յատուկ դարմանատուներու մէջ:

Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ պարզուած է, թէ նշեալ իսրայէլցին Ինթէրփոլի կողմէ կը հետապնդուի ոչ միայն օրկաններու առեւտուրով զբաղուելուն համար, այլ անոնց անօրէն կերպով փոխադրումը կազմակերպելուն համար՝ Քոսովոյի, Ազրպէյճանի եւ Սրիլանքայի մէջ՝ 2008-2014 տարիներու ընթացքին, ուր իւրաքանչիւր օրկանի վաճառքէն կը շահէր 70-100 հազար եւրօ:

Թերթը նաեւ կը նշէ, որ երեխաներու օրկանները «սեւ շուկա»ի մէջ կը համարուին  ամենասուղ օրկանները:

Այս «Սեւ առեւտուր»ը կը վայելէ  իշխանութեան տարբեր շրջանակներու հովանաւորութիւնը՝ ամենաբարձր մակարդակներու վրայ, որովհետեւ հեռացուած  երիկամը 48 ժամէն աւելի չապրիր, իսկ լեարդն ու ենթաստամոքսային գեղձը՝ աւելի պակաս: «Ով կրնայ այս անդամներուն՝ Սոմալիայէն  կամ Քէնիայէն դէպի այլուր փոխադրութիւնը ապահովել, առանց մաքսային քննութենէ անցնելու»:

«Russia Today»ը,  հաղորդելով թերթի զեկոյցը, նաեւ կը նշէ, որ յունուար ամսուան  վերջերը Ինթերփոլը յայտարարած է, որ 10 հազար փախստական երեխաներ անհետացած են Եւրոպայի մէջ, այլ աղբիւրներ կը նշեն 12,000 թիւը, եւ այստեղ խօսքը կը վերաբերի միայն Եւրոպայի մէջ գրանցուած երեխաներուն:


Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել Asekose.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ: Նյութերի ներքո` վիրավորական ցանկացած արտահայտություն կհեռացվի կայքից:
Հասարակություն more