arevelk-ը գրում է. «Նոյնիսկ եթէ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցին աւերած եւ 1915-ի հայ քրիստոնեայ զոհերուն աճիւնները գետին շպրտած «Ալ Նուսրա» ճակատի զինեալները ոչնչացուին, արեւմուտքը պիտի շարունակէ լուռ մնալ» այսպէս գրած է Րոպըրթ Ֆիսք The Independent-ի մէջ իր այսօր հրապարակած յօդուածով:
Բրիտանացի յօդուածագիրը, որ անդրադարձած է Փալմիրա պատմական քաղաքին մէջ ISIS-ի կրած պարտութեան եւ շրջանը Սուրիոյ բանակին տիրապետութեան տակ անցնելուն մասին, նկատել տուած է, որ հակառակ այս կարեւոր ձեռքբերման Արեւմուտքը եւ մասնաւորապէս Բրիտանիա եւ ԱՄՆ կը շարունակեն լուռ մնալ: Ան նաեւ կասկած յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներուն համար այսօր առաջնային օրակարգ կը կազմէ ISIS-ի ոչնչացումը ըսելով, թէ «անոնք կուզեն «քիչ մը հարուածել» ISIS-ը եւ ոչ թէ ամբողջական հարուած տալ ահաբեկիչներուն»: Ֆիսք, Արեւմուտքի պատասխանատուներուն ուղղելով իր խօսքը հարց տուած է, թէ ինչ կ'ակնկալեն անոնք Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն ըսելով
« Պարոնայք, դուք ի՞նչ կը պահանջէք Ասատէն: Երեւի դուք կ'ուզէք, որ Ասատ միայն աղօթէ խաղաղութեան համար»: Ան նաեւ նկատել տուած է, որ ISIS-ի Փալմիրայի մէջ կրած պարտութիւնը վերջին երկու տարիներուն ամէնէն ծանր հարուածն է այդ ահաբեկչական խմբաւորումին դէմ նկատել տալով,որ Արեւմուտքը փոխանակ ողջունէ օրեր առաջ Պրիւքսէլի մէջ 30 անմեղ մարդոց կեանքը խլած ISIS-ի դէմ եղած հարուածը կը շարունակէ լուռ մնալ: Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ բանակը այսօր ռուսական օդուժին եւ «Հըզպալլա»ի զինեալներուն օգնութեամբ (ինչպէս գրած է Ֆիսք) յաջողեցաւ իր տիրապետութեան տակ առնել Փալմիրան: